2015-03-18 14:57:00

Շաբաթ` 21 Մարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛այցելէ Փոմփէյի եւ Նափոլի քաղաքները։


(Ռատիօ Վատիկան)    Յառաջիկայ շաբաթ 21 մարտ 2015 –ին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը միռրեայ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Փոմփէյ եւ Նափոլի քաղաքներուն։ Նորին Սրբութիւնը ուղղթիռով վատիկանէն կը մերկնի  առաւօտեան  ժամը 7-ին

ուղղուելով Փոմփէի մարեմեան սրբավայր ուր պահ մը աղօթք կը կատարէ եւ ապա դարձեալ ուղղաթիռով կ՛ուղղուի դէպի Նափոլի ուր առաւօտեան Սքամփիա թաղամասի` Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետ անուամբ հրապարակի վրայ իր առաջին հանդիպումը կ’ունենայ տեղւոյն ընկերային զանազան դասակարգի պատկան բնակչութեան հետ անոնց ուղղելով ճառ մը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ Նափոլիի ''Plebiscito'' կոչուած հրապարակին վրայ համապատարագ կը մատուցանէ որուն աւարտին կ’այցելէ Փոճճօ Րէալէ շրջանի ''Ճուզեփփէ Սալվիա'' բանտը եւ կէսօրուայ ճաշը կը բաժնեկցի խումբ մը բանտարկեալներուն հետ։

Ժամը 15-ին մեծարելէ ետք սուրբ Ճեննարոյի մասունքը,  Նորին Սրբութիւնը կը հանդիպի թեմի կղերին, կրօնաւորներուն ու մնայուն սարկաւագներու հետ իսկ ժամը 16.15-ին նախատեսուած է հանդիպում հիւանդներուն հետ, Յիսուսի նուիրուած պազիլիքային մէջ։

Ժամը 17-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի միօրեայ հովուական այցլութիւն կ՛եզրափակուի` երիտասարդներուն հետ հանդիպումով, որուն աւարտին Ան ուղղաթիռով կը վերադառնայ Վատիկան ։

Նշենք որ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչի մարմինը կը հանգչի Նափոլիի մէջ. Ուր սուրբին նուիրուած է ''San Gregorio l’Armeno'' իւրայատուկ թաղամաս մը ու եկեղեցի մը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը Իտալիոյ Նափոլիի եւ Նարտոյի մէջ կը վայլէ հաւատացեալներու մեծարանքը։ Իսկ Փոմփէի մարեմեան սրբավայրի սրբանկարը  բերուած է Հայաստանէն տոմենիքեան կրօնաւորու միջոցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.